Նամակ երկրէն- Թալինին Արմատները՝ Հայաստանի Հողին Մէջ
Թալին Գեւոնեանը ամերիկահայուհի մըն է, հայկական դպրոցի՝ «Ֆերահեան»ի շրջանաւարտ։ Ապրած է ու մեծցած հայաբոյր, հայրենասէր, Հայաստանով շնչող ու ապրող ընտանիքի եւ միջավայրի մէջ։ Փոքր տարիքէն բազմաթիւ առիթներով եղած է Հայաստան, եւ ամէն անգամ, երբ այցելած է հայրենիք, աւելիով կապուած է իր պապերու հողին, ժողովուրդին, գիւղերուն, օդին, ջուրին։ «Միշտ կ՛ուզէի գործի մը սկսիլ Հայաստանի մէջ, իւրայատուկ, եզակի գործ, որ թէ՛ օգտակար պիտի ըլլար հայրենի ժողովուրդին, թէ՛ պիտի նպաստէր գիւղատնտեսական արտադրութիւններու աճին եւ ուտելիքի ներկրումներու նուազումին, ու միաժամանակ պիտի ըլլար յաջող եւ գրաւիչ ներդրում մը», ըսաւ ան, երբ օր մը, Երեւանի սրճարաններէն մէկուն մէջ պատահաբար հանդիպեցայ իրեն եւ հարց տուի հայրենական իր ծրագիրներուն մասին։
Թալին Ամերիկայի մէջ տեսած էր, թէ ինչպէ՛ս շուկային մէջ օրէ օր կը տարածուէին ցարդ անծանօթ գիւղատնտեսական նոր արտադրութիւններ, ինչպէս՝ սագախոտ (quinoa), կտաւատ (flax seed) եւ եղեսպակ (chia), որոնք օժտուած են առողջարար յատկութիւններով եւ հետզհետէ մեծ պահանջարկ կը գտնեն սպառողներու մօտ։ «Եօթը-ութ տարի առաջ Ամերիկայի մէջ ոչ ոք գիտէր այս հատիկներուն մասին, իսկ հիմա անոնք մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն ճաշարաններու եւ առողջարար սնունդ վաճառող խանութներու մէջ։ Գիտէի, որ Հայաստանի որոշ մարզերու մէջ կտաւատի մշակում կար, բայց սագախոտ եւ եղեսպակ՝ ոչ։ Հետաքրքրուեցայ եւ իմացայ, թէ ասոնք եւս կարելի է աճեցնել Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ, եւ անմիջապէս անցայ աշխատանքի՝ կապ պահելով Սիւնիքի մարզէն ինծի ծանօթ հողագործներու հետ», պատմեց ան։
Թալինէն տեղեկացայ, որ այս բոյսերը ոչ միայն սննդարար են, այլեւ՝ շա՛տ օգտակար նոյնինքն գիւղատնտեսի հողերուն համար, որովհետեւ անոնք ոչ միայն չեն մաշեցներ հողի քիմիական բնական բաղադրութիւնը, այլեւ աւելիով կը հարստացնեն զայն։ Ապագային այս հողերը արհեստական, բայց առողջութեան համար ոչ-նպաստաւոր պարարտացուցիչներով հարստացնելու կարիքը պիտի չըլլայ։
«Նպատակս շատ յստակ է՝ ունենալ արտադրութիւն մը, որ օգտաշատ է, օգուտները կ՛երթան գիւղացիին, հողին եւ ներդրում կատարողին։ Սկիզբը, երբ սագախոտն ու եղեսպակը գիւղատնտեսներուն ցոյց տուի՝ «Էս ի՞նչ ա, թռչնի կե՞ր ա» ըսին։ Խնդացինք, բայց յետոյ արդէն լուրջ գործի անցանք», շարունակեց Թալին։
Հիմա արդէն իսկ արտադրութիւնը սկսած է Սիւնիքի մէջ, հատիկները կը փաթեթաւորուին «Մելինէի Պարտէզը» անունով։ Յաջորդ շրջանը՝ Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերը պիտի ըլլան։ Թալին համոզուած է, որ այս աշխատանքով կրնայ ներգրաւել զինուորական ծառայութենէն վերադարձող երիտասարդներ, որոնք յաճախ արտագաղթի կը դիմեն, երբ տարիներ շարունակ անգործ կը մնան։ Կանայք նաեւ ներառուած են այս ծրագիրին մէջ՝ իբրեւ փաթեթաւորող, սերմնացան, իսկ յաջորդ քայլը՝ հաշմանդամները եւս աշխատանքով ապահովելն է։
Տեղական շուկան դեռեւս ծանօթ չէ այս հատիկներուն, բայց սա միայն ժամանակի հարց է։ Այս ծրագիրը քանի մը ամսուան համար չէ, այլ երկարաժամկէտ է եւ կ՛երկարի տարիներու վրայ։
Դժուարութիւննե՞ր… Անշո՛ւշտ կան։ Նախ կայ մարդուժի, մասնագէտի պակաս, չկան «մարքեթինկ»ի եւ վաճառքի (salesman) մասնագէտներ, միջազգային շուկայ դուրս գալու գիտելիքներ։ Ասոնք շատ աւելի բարդ հարցեր են, քան՝ կլիմայական պայմաններով ստեղծուած դժուարութիւնները։ Այս բոլորը, սակայն, տքնաջան աշխատանքով լուծելի հարցեր են եւ ժամանակի ընթացքին անցեալի յուշ պիտի ըլլան։ Հիմա ցանելու եւ արտադրելու ժամանակն է։
Սուրճը խմեցինք ու երկար զրուցեցինք այս շա՜տ հետաքրքրական ծրագիրին մասին։ Վերջաւորութեան, Թալին ըսաւ. «Գիտե՛ս, ամէն անգամ, երբ դաշտերը այցելեմ, իւրաքանչիւր ծլարձակող հասկի հետ կը զգամ, որ հայրենի հողին մէջ արմատ կը նետեմ նաեւ ես»։
Գրեցէ՛ք ինծի:
Սկզբնաղբյուրն այստեղ։